Պատրաստուելու համար Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին, Սաֆա սկսաւ իր փորձերուն իր նախկին մարզիչին` ռումանացի Թիթա Վալերիոյի հսկողութեամբ:
Այդ փորձերը սկսան Սաֆայի մարզադաշտին վրայ` ակումբի նոր նախագահ Ղազի Շաարի եւ այլ անդամներու ներկայութեան:
Նախքան փորձերուն սկսիլը, Շաար մարզիկներուն ուղղեց յատուկ խօսք մը, որ խումբը կը գտնուի լաւ վիճակի մը մէջ եւ ամէն գնով պէտք է փորձէ լաւ արդիւնքներու հասնիլ նոր տարեշրջանին:
Իսկ Վալերիօ ըսաւ, թէ խումբին մարզիկներէն ոմանք բաւական ծանօթ են իրեն այն օրէն, երբ 3 տարի առաջ կը մարզէր խումբը:
Այդ փորձերէն բացակայեցան Մոհամետ Քասիմ (միացած` Անսարի), Ուալիտ Իսմայիլ (որուն պայմանագրութիւնը վերջ գտաւ), Ժատ Նուրէտտին եւ բերդապահ Ալի Հալլալ: Վերջին երկուքը, որոնք փոխ առնուած էին Շապապ Սահելէն, վերադարձան իրենց նախկին ակումբը, որովհետեւ անիկա 2017-2018 տարեշրջանի աւարտին Բ. դասակարգէն բարձրացաւ Ա. դասակարգ:
Լիբանանի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանի Ա. հանգրուանի մրցումներուն Սաֆայի մրցակիցը պիտի ըլլայ ախոյեան Ահտը:



