Յուլիս 2019-ին Երեւան պիտի հիւրընկալէ Եւրոպայի 19 տարեկանէն վար ախոյեանութեան աւարտական հանգրուանը, որուն պիտի մասնակցի նաեւ Հայաստանը:
Այդ կարեւոր մրցաշարքին համար լաւագոյն ձեւով նախապատրաստուելու համար, Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի թեքնիք տնօրէն Վարդան Մինասեանի եւ նախորդ փետրուարին այդ նպատակով Հայաստան հրաւիրուած արժանթինցի մարզիչներու խմբակին կողմէ կազմուած էր 17 եւ 19 տարեկան ազգային հաւաքականներու ուսումնամարզական հաւաքներու եւ միջազգային բարեկամական մրցումներու երկարաժամկէտ նախապատրաստական ծրագիր:
Նախորդ մարտէն ի վեր հաւաքականները ցարդ կատարած են ուսումնամարզական 5 հաւաք եւ միջազգային 12 բարեկամական մրցում:
Սակայն Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին գրած իրենց նամակներուն մէջ Փիւնիկ եւ Բանանց կը յայտնեն, որ չեն ուզեր իրենց 29 ֆութպոլիստները տրամադրել ազգային հաւաքականներուն:
Ցարդ յստակ չէ, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ այդ առնչութեամբ Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնին տալիք համապատասխան որոշումը:



