Մարզական

Պարսելոնային Առաջարկած Են Գնել Փոկպան

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Փոլ Փոկպա շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Պարսելոնայի հետ, կը յայտնէ Sport.es կայքը: Քաթալոնական ակումբին առաջարկած են 150 միլիոն եւրոյով գնել Փոկպան: Ֆրանսացիին հեռանալուն մասին լուրերը սկսան տարածուիլ նախորդ տարեշրջանին, երբ ան իր դիրքը կորսնցուց Եունայթըտի հիմնական կազմին մէջ եւ սկսաւ քննադատուիլ փորթուգալցի իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ: Պարսելոնա...

Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն.  Լիբանան Տիրացաւ 8 Մետալի

Աթլեթիզմ. Արեւմտեան Ասիոյ Ախոյեանութիւն. Լիբանան Տիրացաւ 8 Մետալի

Նախորդ շաբաթավերջին Ամմանի մէջ աւարտեցաւ Արեւմտեան Ասիոյ աթլեթիզմի երրորդ ախոյեանութիւնը, որուն ընթացքին երկսեռ մարզիկներ պայքարեցան` իրենց երկիրներուն համար մետալներ ապահովելու համար: Լիբանանի ազգային խումբը, տիրանալով 8 մետալի (3 ոսկի, 4 արծաթ, 1 պրոնզ), գրաւեց խմբային դասաւորման 4-րդ դիրքը: Քրիսթել Սանեհ տիրացաւ 1 ոսկի, 1 արծաթ մետալի, Նուրհան Քոշ` 1 ոսկիի, Սանտի Քարամ` 1 ոսկիի, Ազիզա Սպէյթի` 1 արծաթի, 1 պրոնզի,...

Վազքի Մրցում Հարամունի Մէջ.  Լեւոն Թաշճեան Հանդիսացաւ Առաջին

Վազքի Մրցում Հարամունի Մէջ. Լեւոն Թաշճեան Հանդիսացաւ Առաջին

Կիրակի, 15 յուլիս 2018-ին Հարամուն գիւղի մարաթոնի միութիւնը կազմակերպած էր 10 քմ վազքի մրցում մը` հովանաւորութեամբ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Հարաւային Լիբանանի մէջ գտնուող Հարամուն գիւղին մէջ տեղի կ՛ունենար 10 քմ վազքի մրցումը` հինգերորդ տարին ըլլալով: Սոյն մրցումին կը մասնակցէին շրջանի մարզական ակումբներ, վարժարաններ, ինչպէս նաեւ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու զինուորները: Կային նաեւ մարզիկներ օտար երկիրներէ, ինչպէս` Յորդանան,...

Ինթեր Միլանի Ֆութպոլի Ակադեմիա. Սաւիոլա Եւ Կոմեշ Մօտիկ Ապագային Խոստացան Այցելել Լիբանան

Լիբանանի մէջ գտնուող Ինթեր Միլանի ֆութպոլի ակադեմիային կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ անուանի ֆութպոլիստներ, որոնք արհեստավարժ փայլուն ասպարէզ ունեցած են, մօտիկ ապագային պիտի այցելեն Լիբանան: Նշուեցաւ, որ մօտիկ ապագային Լիբանան այցելողներուն կարգին պիտի ըլլան Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին ֆութպոլիստ Խաւիէ Սաւիոլա, Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին աստղ Նունօ Կոմեշ: Լիբանանի մարզական լրագրողներու...

Աշխարհի Ախոյեան Ֆրանսայի Խումբը Վերադարձաւ Հայրենիք

Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալի տիտղոսին տիրացած Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբը, որ երէկ վերադարձաւ հայրենիք, «Շարլ տը Կոլ»-ի օդակայանին մէջ արժանացաւ մեծ եւ ջերմ ընդունելութեան: Իրենց կարգին, Խրուաթիոյ խումբին մարզիկները եւս իրենց հայրենիք վերադարձով արժանացան նոյնպիսի ընդունելութեան:

Տեշան Պիտի Մնայ Ֆրանսայի Մարզիչ

Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ եւ ներկայիս խումբէն հեռանալու նպատակ չունի: «Պիտի չկրկնեմ այն, ինչ որ կատարեց Էմմէ Ժաքէ, որ լքեց Ֆրանսան 1998-ի մոնտիալին, աշխարհի ախոյեան հանդիսանալէն ետք: Խումբին հետ պիտի շարունակեմ աշխատիլ: Քանի մը շաբթուան արձակուրդէ ետք, դարձեալ պիտի սկսիմ աշխատանքի», ըսաւ Տեշան: Վերջերս լուրեր տարածուած էին, որ ան...

«Սքայ-Սփորթց». 2018-ի Մոնտիալի Լաւագոյն Ֆութպոլիստներուն Տասնեակը

Անգլիական «Սքայ Սփորթց» ներկայացուց Ռուսիոյ մէջ աւարտած 2018-ի մոնտիալի լաւագոյն ֆութպոլիստներու տասնեակի իր ցանկը` առաջին տեղը տալով աշխարհի ախոյեան Ֆրանսայի խումբի յառաջապահ, մրցաշարքի լաւագոյն երիտասարդ խաղացողի մրցանակին արժանացած 19 տարեկան Քիլիան Մպափէին: Լաւագոյն ֆութպոլիստի մրցանակը ստացած` Խրուաթիոյ ազգային խումբի եւ Ռէալ Մատրիտի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ չորրորդ դիրքին վրայ է: Ստորեւ` այդ լաւագոյն տասնեակը. 1.- Քիլիան Մպափէ (Ֆրանսա), 2.- Էտեն Ազար...

Թենիսի Դասաւորում. Ճոքովիչ Վերադարձաւ Լաւագոյն Տասնեակ

Նախապէս տղոց թենիսի միջազգային դասաւորման առաջին դիրքը գրաւած սերպ Նովաք Ճոքովիչ, որ նախանցեալ օր տիրացաւ Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքի տիտղոսին, նոր դասաւորման մէջ վերադարձաւ առաջին տասնեակ` գրաւելով 10-րդ դիրքը. նախապէս` 21-րդ: Ան իր տրամադրութեան տակ ունեցաւ 3355 վարկանշային կէտ: Առաջին դիրքին վրայ կը շարունակէ մնալ սպանացի Ռաֆայէլ Նատալ (9310), երկրորդ դիրքին վրայ` զուիցերիացի Ռոժէ Ֆետերեր (7080), մինչ...

Արժանթինի Ֆութպոլի Ֆետերասիոնը Իր Պայմանագրութիւնը Խզեց Խորխէ Սամփաուլիի Հետ

Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչին հետ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ երկկողմանի համաձայնութեամբ մը: Խորխէ Սամփաուլի 8 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխարէն պիտի ստանայ 2 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխհատուցում` համագործակցութիւնը նախատեսուածէն շուտ դադրեցնելուն համար: 2017-ին գլխաւոր մարզիչ նշանակուած Սամփաուլի, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալին իր կազմին հետ տպաւորիչ արդիւնքներ չկրցաւ արձանագրել:

Խրուաթիոյ Ֆութպոլի Ազգային Խումբին Մարզիկները Իրենց Պետութենէն Պարգեւավճար Պիտի Ստանան

Խրուաթիոյ կառավարութեան հրամանագիրով, երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող իւրաքանչիւր ֆութպոլիստ պիտի ստանայ 9,5 միլիոն եւրօ պարգեւավճար` 2018-ի մոնտիալի արծաթէ մետալներուն տիրանալնուն համար: Ազգային խումբի մարզիչ Զլաթքօ Տալիչ պիտի ստանայ 8 հազար եւրօ: Մարզիչի օգնականներուն եւ խումբի անձնակազմին պիտի յատկացուի 13 հազար եւրօ: Նշենք, որ այս պարգեւավճարներուն մասին որոշումը կառավարութեան կողմէ ընդունուած էր նախորդ տարի` 21 դեկտեմբերին:  

Իր Կազմին Միացնելու Համար Իկուայինը. Չելսի Պիտի Ծախէ Ժիրուն Եւ Մորաթթան

Չելսիի յառաջապահներ Օլիվիէ Ժիրու եւ Ալվարօ Մորաթթա շատ հաւանաբար հեռանան լոնտոնեան կազմէն: Անգլիական մամուլը կը յայտնէ, որ ակումբը, իր կազմին միացնելու համար Եուվենթուսի յառաջապահ Կոնզալօ Իկուայինը պիտի ծախէ վերոնշեալ երկու ֆութպոլիստները: Նշուեցաւ, որ Մորաթթայով մօտէն հետաքրքրուած է Ա. Սէ. Միլան: Սակայն, Ժիրուի մասին ցարդ յստակ ոչինչ կ՛ըսուի:

«Ուու-Սքորտ»-ի Համաձայն` 2018-ի Մոնտիալին Խորհրդանշական Հաւաքականը

Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալին աւարտէն օր մը ետք, երէկ «Ուու Սքորտ» կայքը հրապարակեց աշխարհի այս ախոյեանութեան խորհրդանշական հաւաքականը, որ կը բաղկանայ հետեւեալ մարզիկներէն. ԲԵՐԴԱՊԱՀՆԵՐ.- Քափըր Շմայքըլ (Դանիա): ՅԵՏՍԱՊԱՀՆԵՐ.- Մարիօ Ֆեռնանտեզ (Ռուսիա), Եիրի Մինա (Քոլոմպիա), Անտրէա Կրանքվիսթ (Շուէտ), Մարսելօ (Պրազիլ) եւ Քայրըն Թրիփիըր (Անգլիա): ՄԻՋՆԱՊԱՀՆԵՐ.- Քեւին տը Պրույնէ, Էտեն Հազար (Պելճիքա) եւ Լուքա Մոտրիչ (Խրուաթիա): ՅԱՌԱՋԱՊԱՀՆԵՐ.- Նէյմար (Պրազիլ) եւ...

2018-ի Մոնտիալ  – 20 Տարուան Սպասումէ Մը Ետք Ֆրանսա Դարձեալ Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան` 4-2 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Խրուաթիոյ

2018-ի Մոնտիալ – 20 Տարուան Սպասումէ Մը Ետք Ֆրանսա Դարձեալ Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան` 4-2 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Խրուաթիոյ

1998-ի մոնտիալը հիւրընկալած եւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեանութեան բաժակը բարձրացուցած Ֆրանսա, երէկ` կիրակի, 15 յուլիս 2018-ին, 20 տարուան սպասումէ մը ետք, այդ նուաճումը յաջողեցաւ կրկնել, երբ աւարտական ճակատումին 4-2 արդիւնքով յաղթեց Խրուաթիոյ: Կոլերով հարուստ աւարտական այս ճակատումը ընթացաւ բաւական տաք մթնոլորտի մէջ եւ եղաւ հակայարձակումներով հարուստ, որուն ընթացքին յաղթական դուրս եկան մարզիչ Տիտիէ Տեշանի մարզիկները: -...

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Այսօր Կը Սկսի Թենիսի Տարեկան Մրցաշարքը

Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին եւ հսկողութեամբ Լիբանանի թենիսի ֆետերասիոնին, այսօր` երկուշաբթի, 16 յուլիսին կը սկսի «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի թենիսի տարեկան մրցաշարքը, վերոնշեալ ակումբին թենիսի դաշտերուն վրայ (Քասլիք): Մրցաշարքը կ՛երկարի մինչեւ 28 յուլիս: Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ մրցաշարքին մրցանակային ֆոնտը կը կազմէ 8 հազար ամերիկեան տոլար: Տեղի պիտի ունենան 10, 12, 14, 16 եւ 18 տարեկան դասակարգի, ինչպէս նաեւ մեծերու,...

Ճատրակ. Սայտայի Միջազգային Մրցաշարքին Մասնակցեցան 85 Խաղացողներ

Հսկողութեամբ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնին եւ կազմակերպութեամբ Ահլի Սայտայի ճատրակի ակադեմիային, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ արագ ճատրակի Սայտայի միջազգային 2-րդ տարիքային մրցաշարքը` մասնակցութեամբ 85 խաղացողներու Պաղեստինէն, Յորդանանէն, Սուրիայէն եւ Լիբանանէն: Տիտղոսին (գլխաւոր մրցաշարքը) տիրացաւ Ահլի Սայտա ակադեմիային մաս կազմող Ատիպ Արքատան, որ ապահովեց 7,5 կէտ` առաւելագոյն 9 կէտէն: Երկրորդ հանդիսացաւ Յորդանանէն Եազան Պշայրա (7,5 կէտ), իսկ երրորդ` Ժաուատ Ֆարհաթ (Լիբանան, 7...

Պասքեթպոլ. Սալեհ Մաժըրիի «Էն. Պի. Էյ.»-ի Կրտսերներու Բանակումը Սկիզբ Առաւ

Կազմակերպութեամբ Հուփս ակումբին, նախորդ շաբաթավերջին սկիզբ առաւ «Սալեհ Մաժըրի» ընկերութեան «Էն. Պի. Էյ.»-ի Ժունիորի բանակումը, «Էն. Պի. Էյ.»-ի Տալաս Մավըրիքս խումբին մաս կազմող թունուզցի Սալեհ Մաժըրիի հսկողութեամբ: Բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 150 երկսեռ մարզիկներ` 8, 10, 12, 16 եւ 18 տարեկան դասակարգերէ: Անոր եւ լիբանանցի այլ մարզիկներու, որոնց կարգին` Իսմայիլ  Ահմետի, Պասել Պաուժիի եւ ուրիշներու հսկողութեամբ պասքեթպոլ խաղացող մարզիկները լաւապէս...

Լիբանանեան Ֆութպոլ. Բարեկամական Մրցումներու Շաբաթավերջ

Նախորդ շաբաթավերջին Լիբանանի ֆութպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն իրենց մասնակցութիւնը բերող խումբեր կատարեցին բարեկամական մրցումներ: Ղազիէի դաշտին վրայ, Սաֆա, որ հիւրը եղաւ Շապապ Ղազիէի, արձանագրեց 2-1 արդիւնքով յաղթանակ մը: Հասան Հազիմէ եւ Մոհամետ Մոհամետ նշանակեցին Սաֆայի կոլերը, իսկ Իմատ Ղատտար` Ղազիէի կոլը: Այս մրցումին Սաֆա մրցեցաւ առանց իր օտարական մարզիկներուն, մինչ Ղազիէ դաշտ ներկայացուց յետսապահ Քարան (Փղոսկրեայ Ափունք), որ տպաւորիչ ելոյթ մը...

Քիք-Պոքսինկ. Ճիորճիօ Պետրոսեան Տիտղոսային Մենամարտին Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

Քիք-պոքսինկի «Քէյ-1»-ի մարտիկ Ճիորճիօ (Գէորգ) Պետրոսեան Իտալիոյ մայրաքաղաք Հռոմի մէջ տեղի ունեցած «Պելաթոր Քիք-պոքսինկ-10»-ի մրցաշարքին առաւելութեան հասաւ եւ յաղթեց ազրպէյճանցի իր մրցակիցին` Չինկիզ Ալազարովի: Իտալիոյ մէջ բնակող հայ մարզիկը յաղթական դուրս եկաւ իրաւարարներու միաձայն որոշումով եւ տիրացաւ «Պելաթոր Քիք-պոքսինկ»-ի թափուր մնացած թեթեւ քաշային կարգի տիտղոսին:

Թենիս. Ուիմպըլտըն. Ճոքովիչ Եւ Քերպըր Տիտղոսակիր` Լոնտոնի Մէջ

Երէկ` կիրակի, 15 յուլիսին, իր աւարտին հասաւ Լոնտոնի մէջ տեղի ունեցած Ուիմպըլտընի թենիսի կրան շլեմի միջազգային բաց մրցաշարքը, երբ տեղի ունեցաւ տղոց աւարտական ճակատումը: Տղոց աւարտական ճակատումին սերպ Նովաք Ճոքովիչ (12-րդ), որ մրցեցաւ հարաւային ափրիկեցի Քեւին Էնտըրսընի (8-րդ) դէմ, արձանագրելով 6-2, 6-2 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթանակ մը, չորրորդ անգամ ըլլալով տիրացաւ այս մրցաշարքի տիտղոսին: Այսպիսով, Ճոքովիչ (31 տարեկան) տիրացաւ իր...

2018-ի Մոնտիալ

2018-ի Մոնտիալ

- Վաղը` Ֆրանսա - Խրուաթիա Աւարտական Ճակատումը - 3-րդ Դիրքի Մրցումին Այսօր Կը Պայքարին Անգլիա Եւ Պելճիքա Ճիշդ ամիս մը տեւած 2018-ի մոնտիալը, որ իր վրայ կեդրոնացուց աշխարհի չորս տարածքին գտնուող ֆութպոլասէր հասարակութեան ուշադրութիւնը, վաղը` կիրակի, 15 յուլիսին կը հասնի իր աւարտին, երբ տեղի կ՛ունենայ աւարտական մրցումը` Ֆրանսայի եւ Խրուաթիոյ միջեւ: Լուզնիքիի դաշտին վրայ կատարուելիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի...

Page 817 of 1278 1 … 816 817 818 … 1,278

Արխիւներ