Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Սարգիս Ադամեան, որ մաս կը կազմէ գերմանական Ռեկենսպուրկին, իր կազմին հետ կատարած մէկ մրցումին յաջողեցաւ տուպլէ մը իրագործել:
«Պունտըսլիկա-2»-ի նոր տարեշրջանին պատրաստուող Ռեկենսպուրկ, ֆութպոլի բարեկամական մրցումի մը ընթացքին, 9-1 արդիւնքով յաղթեց Համ խումբին:



