Հոլիտէյ Պիչ-Զուք Մոսպեհ ակումբը ամառնային իր տարեշրջանը կը սկսի կատարելով պիչ-վոլիպոլի (2×2) միջազգային մրցաշարք մը, որ տեղի կ՛ունենայ 20-22 յուլիսին, ակումբին մէջ:
Այս մրցաշարքէն ետք ակումբը կը կատարէ տարեկան իր մրցաշարքը (3×3)` 24-26 յուլիսին:
Բնականաբար այս երկրորդ մրցաշարքին տեղացի մարզիկներուն թիւը պիտի ըլլայ աւելի շատ, այնպէս ինչպէս կը պատահէր նախորդ տարիներուն:
Կազմակերպիչները յայտնեցին, որ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին մասնակցիլ, կրնան իրենց անունները արձանագրել:



