«Մանչեսթըր Իվնինկ Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Մանչեսթըր Եունայթըտի պատասխանատուները բանակցութեան մէջ են Ռէալ Մատրիտի հետ եւ կը փորձեն իրենց կազմին միացնել Կերըթ Պէյլը:
Փորթուգալցի մարզիչ Ժոզէ Մուրինիոյի ղեկավարած կազմը 28 տարեկան ֆութպոլիստին համար պատրաստ է վճարելու 100 միլիոն եւրօ:
Զինետին Զիտանի եւ Քրիսթիանօ Ռոնալտոյի հեռանալէն ետք, Պէյլ ներկայիս չ՛աճապարեր փոխել իր ակումբը: Ան այս գծով որոշում մը պիտի տայ ակումբի նոր մարզիչ Խիւլեն Լոփեթեկի հետ իր ունենալիք ժողովէն ետք:
Պէյլ, որ 2013-ին միացաւ Ռէալ Մատրիտին, անոր հետ պայմանագրութիւն մը ստորագրած է մինչեւ 2022:



