Փիւնիկ Երեւան «Եւրոպայի լիկա»-ի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի երթի մրցումներուն գծով իր կատարած մրցումին, երէկ Երեւանի մէջ 1-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրեց մակեդոնիական Վարտար խումբին դէմ:
Հանրապետական մարզադաշտին վրայ կատարուած այս մրցումին միակ կոլը նշանակեց հայկական ակումբի նորեկ փղոսկրեայ ափունքցի յառաջապահ Մոհամետ Քոնաթէ, 28-րդ վայրկեանին:
Հիւր կազմին հետ դաշտ ներկայացաւ նաեւ, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի յառաջապահ Տիգրան Բարսեղեան, որ վնասուածքի պատճառով Բ. կիսախաղին փոխարինուեցաւ այլ մարզիկով մը:
Դարձի մրցումը տեղի պիտի ունենայ 19 յուլիսին, Մակեդոնիոյ մէջ:



