Ինչպէս ծանօթ է, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Լիբանանի 41-րդ միջազգային ռելին:
Այս ռելիին ընդմէջէն դարձեալ տեղի ունեցաւ յիշատակելի վերադարձ մը` «Օփել» վաճառանիշը կրող ինքնաշարժը:
«ՍԻ. ԼԱՅՆ ԱՍԹՐԱ ՕՓԵԼ» ռելիներու ինքնաշարժը եղաւ բացման հանդիսութեան ինքնաշարժը, որուն հետ ազդանշանը տրուեցաւ ռելիին:
«Էյ. Էն. Պուխաթեր»-ի ընդհանուր տնօրէն Անթոնի Պու Խաթեր յայտարարեց, որ յառաջիկայ տարեշրջանին «ՕՓԵԼ» իր մասնակցութիւնը պիտի բերէ Լիբանանի միջազգային ռելիին` նկատի ունենալով, որ անիկա արդիական ամէն տեսակի սարքերով օժտուած է եւ պատրաստ այլ ինքնաշարժներու նման բացառիկ արդիւնքներ արձանագրելու:
«ԷՅ. ԷՆ. ՊՈՒԽԱԹԵՐ» ընկերութիւնը Լիբանանի մէջ հիմնուած է 1927-ին:
Անիկա «Մազտա», «Փիաճիօ», «Վեսփա», «Ափրիլիա», «Մոթօ Կուցցի», «Ժիլերա», «Քէյ. Թի. Էմ.», «Պաժաժ», «Օթոքար», եւ վերջապէս «Օփել» վաճառանիշերը կրող ինքնաշարժներու ընկերութիւններուն Լիբանանի մէջ միակ ներկայացուցիչն է:




