Վլատիւոսթոքի Լուչ Էներկիայէն Շիննիք Եարոսլաւ տեղափոխուած միջնապահ Իշխան Գելոյեան, իր նոր կազմին հետ կատարելով ֆութպոլի բարեկամական մրցում մը, արձանագրեց 4-1 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Գելոյեան, որ դաշտ ներկայացաւ 60-րդ վայրկեանին, նշանակեց այդ չորս կոլերէն մէկը:
Իսկ գերմանական Շթութկարթ-2-ի մաս կազմող Հայաստանի ֆութպոլի երիտասարդական հաւաքականի յառաջապահ Հայկ Գալստեան իր կարգին կոլ նշանակեց, երբ անոր կազմը արձանագրեց 6-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:



