Լիբանանի ֆութպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան իր մասնակցութիւնը բերող խումբերէն Ռասինկ, որ կը պատրաստուի 2018-2019 տարեշրջանին, իր հրապարակած պաշտօնական մէկ հաղորդագրութեան մէջ նշեց, որ երկկողմանի համաձայնութեամբ մը մարզիչ Ռիտա Անթարի հետ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ:
Անոնց միջեւ տեղի ունեցած յատուկ ժողովէ մը ետք որոշուեցաւ, որ Ռիտա Անթար պիտի լքէ իր կազմը: Ակումբին պատասխանատուները շնորհակալութիւն յայտնեցին Ռիտա Անթարին եւ անոր մաղթեցին յաջողութիւն:
Ըստ լիբանանեան մամուլին, կը խօսուի շարք մը անուններու մասին, որոնցմէ մէկը պիտի յաջորդէ Անթարին:
Պէյրութեան ակումբը այս ուղղութեամբ մօտիկ ապագային պիտի կատարէ յայտարարութիւն մը` հրապարակելով նոր մարզիչին անունը:



