Խրուաթիոյ կառավարութեան հրամանագիրով, երկրին ֆութպոլի ազգային խումբին մաս կազմող իւրաքանչիւր ֆութպոլիստ պիտի ստանայ 9,5 միլիոն եւրօ պարգեւավճար` 2018-ի մոնտիալի արծաթէ մետալներուն տիրանալնուն համար:
Ազգային խումբի մարզիչ Զլաթքօ Տալիչ պիտի ստանայ 8 հազար եւրօ:
Մարզիչի օգնականներուն եւ խումբի անձնակազմին պիտի յատկացուի 13 հազար եւրօ:
Նշենք, որ այս պարգեւավճարներուն մասին որոշումը կառավարութեան կողմէ ընդունուած էր նախորդ տարի` 21 դեկտեմբերին:



