Կազմակերպութեամբ Հուփս ակումբին, նախորդ շաբաթավերջին սկիզբ առաւ «Սալեհ Մաժըրի» ընկերութեան «Էն. Պի. Էյ.»-ի Ժունիորի բանակումը, «Էն. Պի. Էյ.»-ի Տալաս Մավըրիքս խումբին մաս կազմող թունուզցի Սալեհ Մաժըրիի հսկողութեամբ:
Բանակումին իրենց մասնակցութիւնը բերին 150 երկսեռ մարզիկներ` 8, 10, 12, 16 եւ 18 տարեկան դասակարգերէ:
Անոր եւ լիբանանցի այլ մարզիկներու, որոնց կարգին` Իսմայիլ Ահմետի, Պասել Պաուժիի եւ ուրիշներու հսկողութեամբ պասքեթպոլ խաղացող մարզիկները լաւապէս հետեւեցան անոնց տուած ցուցմունքներուն` փորձելով առաւելագոյն ձեւով օգտուիլ անոնց ունեցած փորձառութենէն:



