Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին պաշտօնական կայքը երէկ հաղորդեց, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչին հետ պայմանագրութիւնը խզուեցաւ երկկողմանի համաձայնութեամբ մը:
Խորխէ Սամփաուլի 8 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխարէն պիտի ստանայ 2 միլիոն ամերիկեան տոլարի փոխհատուցում` համագործակցութիւնը նախատեսուածէն շուտ դադրեցնելուն համար:
2017-ին գլխաւոր մարզիչ նշանակուած Սամփաուլի, Ռուսիոյ մէջ տեղի ունեցած 2018-ի մոնտիալին իր կազմին հետ տպաւորիչ արդիւնքներ չկրցաւ արձանագրել:



