Լիբանանի մէջ գտնուող Ինթեր Միլանի ֆութպոլի ակադեմիային կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ անուանի ֆութպոլիստներ, որոնք արհեստավարժ փայլուն ասպարէզ ունեցած են, մօտիկ ապագային պիտի այցելեն Լիբանան:
Նշուեցաւ, որ մօտիկ ապագային Լիբանան այցելողներուն կարգին պիտի ըլլան Արժանթինի ֆութպոլի ազգային խումբի Պարսելոնայի եւ Ռէալ Մատրիտի նախկին ֆութպոլիստ Խաւիէ Սաւիոլա, Փորթուգալի ֆութպոլի ազգային խումբի նախկին աստղ Նունօ Կոմեշ:
Լիբանանի մարզական լրագրողներու միութեան նախագահ Ռաշիտ Նասար այս լուրը հաղորդեց` իր տեղեկութիւնները քաղելով Ինթեր Միլանի Լիբանանի ակադեմիային գլխաւոր պատասխանատուներ Ապպաս Ուըհպէէն եւ Մոհամետ Ուըհպէէն:



