Չելսիի յառաջապահներ Օլիվիէ Ժիրու եւ Ալվարօ Մորաթթա շատ հաւանաբար հեռանան լոնտոնեան կազմէն:
Անգլիական մամուլը կը յայտնէ, որ ակումբը, իր կազմին միացնելու համար Եուվենթուսի յառաջապահ Կոնզալօ Իկուայինը պիտի ծախէ վերոնշեալ երկու ֆութպոլիստները:
Նշուեցաւ, որ Մորաթթայով մօտէն հետաքրքրուած է Ա. Սէ. Միլան: Սակայն, Ժիրուի մասին ցարդ յստակ ոչինչ կ՛ըսուի:



