Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

2018-ի Մոնտիալ – 20 Տարուան Սպասումէ Մը Ետք Ֆրանսա Դարձեալ Հանդիսացաւ Աշխարհի Ախոյեան` 4-2 Արդիւնքով Յաղթելէ Ետք Խրուաթիոյ

July 16, 2018
| Գլխաւոր լուրեր, Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1998-ի մոնտիալը հիւրընկալած եւ իր պատմութեան մէջ առաջին անգամ ըլլալով աշխարհի ախոյեանութեան բաժակը բարձրացուցած Ֆրանսա, երէկ` կիրակի, 15 յուլիս 2018-ին, 20 տարուան սպասումէ մը ետք, այդ նուաճումը յաջողեցաւ կրկնել, երբ աւարտական ճակատումին 4-2 արդիւնքով յաղթեց Խրուաթիոյ:

Կոլերով հարուստ աւարտական այս ճակատումը ընթացաւ բաւական տաք մթնոլորտի մէջ եւ եղաւ հակայարձակումներով հարուստ, որուն ընթացքին յաղթական դուրս եկան մարզիչ Տիտիէ Տեշանի մարզիկները:

– Պելճիքա Հանդիսացաւ Երրորդ` Յաղթելէ Ետք Անգլիոյ (2-0)

Ճիշդ ամիս մը առաջ սկսած 2018-ի մոնտիալը երէկ` կիրակի, 15 յուլիսին հասաւ իր աւարտին, երբ տեղի ունեցաւ աւարտական ճակատումը` Ֆրանսայի եւ Խրուաթիոյ միջեւ:

Ֆրանսա կրկնեց 1998-ի իր յաջողութիւնը, երբ իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ ըլլալով բարձրացուց մոնտիալի բաժակը եւ երկրորդ աստղ մը աւելցուց իր մարզաշապիկին վրայ:

Մոսկուայի Լուզնիքիի մարզադաշտին վրայ տեղի ունեցած աւարտական այս մրցումին ներկայ էր 78 հազար հանդիսատես, մինչ մրցումին կեդրոնի գլխաւոր իրաւարարն էր արժանթինցի Նեսթոր Փիթանա, որ պէտք է ըսել, թէ եղաւ արդար իր վճիռներուն մէջ:

Մրցումին 18-րդ վայրկեանին, ֆրանսացի յառաջապահ Անթուան Կրիզմանի ազատ հարուածը, դպնալէ ետք Մարիօ Մանծուքիչի գլխուն, սխալմամբ մուտք գործեց Խրուաթիոյ բերդին դէմ:

Սակայն տասը վայրկեան ետք, Իվան Փերիսիչ նշանակեց Խրուաթիոյ հաւասարութեան կոլը:

Ա. կիսախաղը աւարտեցաւ Ֆրանսայի գերակայութեամբ, երբ օրուան իրաւարարը Ֆրանսայի ի նպաստ սուլեց փենալթի մը:

Ան ուղղուելով դաշտին կեդրոնը դիտեց պատահածին ռիփլէյը` յայտնելով, որ գնդակը դպած էր Փերիսիչի ձեռքին:

Փենալթին կոլի վերածեց Կրիզման (38-րդ):

59-րդ վայրկեանին Փոլ Փոկպա նշանակեց Ֆրանսայի երկրորդ կոլը մեծ քառակուսիէն դուրս:

6 վայրկեան ետք, Քիլիան Մպափէ արդիւնքը վերածեց 4-1-ի, երբ դարձեալ մեծ քառակուսիէն դուրս հարուածեց եւ պարտութեան մատնեց Տանիժել Սուպասիչը:

69-րդ վայրկեանին, Ֆրանսայի բերդապահ- խմբապետ Հիւկօ Լլորիսի գործած աններելի սխալէն օգտուելով, Մանծուքիչ նշանակեց իր կազմին երկրորդ կոլը:

Մինչեւ մրցումին աւարտը (90+6), թէեւ կոլի ստոյգ առիթներ կորսուեցան երկու կողմերէն, բայց արդիւնքը մնաց անփոփոխ եւ Ֆրանսա 4-2 արդիւնքով տպաւորիչ յաղթանակ մը արձանագրելով իր մարզիչին` Տիտիէ Տեշանի հետ հանդիսացաւ աշխարհի կրկնակի ախոյեան:

Այստեղ ի միջի այլոց նշենք, որ Ֆրանսայի մայրաքաղաք Փարիզի մէջ հազարաւոր ֆրանսացիներ իրենց երկրին ազգային խումբին աշխարհի ախոյեան հանդիսանալուն առիթով իրենց տօնախմբութիւնները կատարեցին փողոցներուն եւ գլխաւոր հրապարակներուն վրայ:

Խրուաթիոյ ֆութպոլի ազգային խումբի միջնապահ Լուքա Մոտրիչ ճանչցուեցաւ 2018-ի մոնտիալի լաւագոյն ֆութպոլիստը` ստանալով «Ատիտաս»-ի ոսկիէ գնդակը:

Ֆրանսայի խումբին մաս կազմող Քիլիան Մպափէ ճանչցուեցաւ իբրեւ մրցաշարքի լաւագոյն երիտասարդ ֆութպոլիստը:

Իսկ այս մոնտիալին լաւագոյն ռմբաձիգը հանդիսացաւ Անգլիոյ յառաջապահ Հերի Քէյն, որ նշանակեց 6 կոլ:

Աւարտականի այս մրցումէն առաջ գործադրուեցաւ գեղարուեստական բաւական ճոխ յայտագիր մը, որուն ընթացքին կատարուեցան պարեր, ցուցադրական ներկայացումներ, ինչպէս նաեւ երգեր:

Ներկայացուեցաւ նաեւ մոնտիալին բաժակը` Գերմանիոյ նախկին խմբապետ Ֆիլիփ Լահմի եւ ռուս ձեւագէտ Նաթալիա Վոտիանովայի կողմէ:

Ինչ կը վերաբերի շաբաթ օր տեղի ունեցած 3-րդ դիրքի մրցումին, Պելճիքա 2-0 արդիւնքով յաղթեց Անգլիոյ` շնորհիւ Թոմաս Մէօնիերի (4-րդ) եւ Էտեն Հազարի (82-րդ) նշանակած կոլերուն` ներկայութեամբ աւելի քան 64 հազար հանդիսատեսներու:

Ինչպէս ծանօթ է, 2022-ի մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Քաթարի մէջ:

Նախքան աւարտականի մրցումին սկսիլը, Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին եւ ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինօ մոնտիալին տիտղոսը յանձնեցին Հասան Թաուատիի, որ 2022-ի մոնտիալին Քաթարի կազմակերպիչ յանձնախումբին նախագահն է:

Այստեղ նշենք, որ տեղացող անձրեւուն տակ, Փութին, Ինֆանթինօ եւ Ֆրանսայի ու Խրուաթիոյ նախագահները մետալներն ու տիտղոսը յանձնեցին մրցանակակիրներուն:

————————————————

Նախկին 20 Մոնտիալներուն
Տիրացած Խումբերը

1930.- (Ուրուկուէյ) – Ուրուկուէյ – Արժանթին` 4-2
1934.- (Իտալիա) – Իտալիա – Չեխոսլովաքիա` 2-1
1938.- (Ֆրանսա) – Իտալիա – Հունգարիա` 4-2
1942.- Մոնտիալ տեղի չունեցաւ
1946.- Մոնտիալ տեղի չունեցաւ
1950.- (Պրազիլ) – Ուրուկուէյ – Պրազիլ` 2-1
1954.- (Զուիցերիա) – Գերմանիա – Հունգարիա` 3-2
1958.- (Շուէտ) – Պրազիլ – Շուէտ` 5-2
1962.- (Չիլի) – Պրազիլ – Չեխոսլովաքիա` 3-1
1966 (Անգլիա) – Անգլիա – Գերմանիա` 4-2
1970.- (Մեքսիքա) – Պրազիլ – Իտալիա` 4-1
1974.- (Գերմանիա) – Գերմանիա – Հոլանտա` 2-1
1978.- (Արժանթին) – Արժանթին – Հոլանտա` 3-1
1982.- (Սպանիա) – Իտալիա – Գերմանիա` 3-1
1986.- (Մեքսիքա) – Արժանթին – Գերմանիա` 3-2
1990.- (Իտալիա) – Գերմանիա – Արժանթին` 1-0
1994.- (Միացեալ Նահանգներ) – Պրազիլ – Իտալիա` 0-0 (Պրազիլ փենալթիներով` 3-2 յաղթական)
1998.- (Ֆրանսա) – Ֆրանսա – Պրազիլ` 3-0
2002.- (Ճափոն-Հարաւային Քորէա) – Պրազիլ – Գերմանիա` 2-0
2006.- (Գերմանիա) – Իտալիա – Ֆրանսա` 1-1 (Իտալիա փենալթիներով` 5-3 յաղթական)
2010.- (Հարաւային Ափրիկէ) – Սպանիա – Հոլանտա` 1-0
2014 (Պրազիլ) – Գերմանիա – Արժանթին` 1-0

————————————————

 

Նախորդը

«Ա. Թէ. Սէ. Էլ.». Այսօր Կը Սկսի Թենիսի Տարեկան Մրցաշարքը

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Մէջ Գոյատեւող Արհեստներու Ցուցադրութիւն` «Պատկեր» Կեդրոնին Մէջ

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.