Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի եւ անգլիական Մանչեսթըր Եունայթըտի միջնապահ Փոլ Փոկպա շատ հաւանաբար ֆութպոլիստի իր արհեստավարժ ասպարէզը շարունակէ Պարսելոնայի հետ, կը յայտնէ Sport.es կայքը:
Քաթալոնական ակումբին առաջարկած են 150 միլիոն եւրոյով գնել Փոկպան:
Ֆրանսացիին հեռանալուն մասին լուրերը սկսան տարածուիլ նախորդ տարեշրջանին, երբ ան իր դիրքը կորսնցուց Եունայթըտի հիմնական կազմին մէջ եւ սկսաւ քննադատուիլ փորթուգալցի իր մարզիչին` Ժոզէ Մուրինիոյի կողմէ:
Պարսելոնա այժմ միջնապահի մը կարիքը ունի` նկատի ունենալով, որ խումբէն հեռացած են Փաուլինիօ եւ Անտրես Ինիեսթա:



