Ֆրանսայի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Տիտիէ Տեշան յայտարարեց, որ պիտի շարունակէ մնալ իր պաշտօնին վրայ եւ ներկայիս խումբէն հեռանալու նպատակ չունի:
«Պիտի չկրկնեմ այն, ինչ որ կատարեց Էմմէ Ժաքէ, որ լքեց Ֆրանսան 1998-ի մոնտիալին, աշխարհի ախոյեան հանդիսանալէն ետք: Խումբին հետ պիտի շարունակեմ աշխատիլ: Քանի մը շաբթուան արձակուրդէ ետք, դարձեալ պիտի սկսիմ աշխատանքի», ըսաւ Տեշան:
Վերջերս լուրեր տարածուած էին, որ ան պիտի հեռանայ խումբին եւ անոր փոխարէն մարզիչ պիտի նշանակուի Զինետին Զիտան:



