Հեմիլթըն` Սպասողական
Նախորդ շաբաթավերջին Միացեալ Նահանգներու մէջ տեղի ունեցած Ֆորմիւլա-1-ի աշխարհի ախոյեանութեան կրան փրի-ն աւարտեցաւ Ֆեռարիի ֆինլանտացի վարորդ Քիմի Ռայքոնընի յաղթանակով: Անոր ետին երկրորդ դիրքը գրաւեց Ռետ Պուլի ներկայացուցիչը` հոլանտացի Մաքս Վերսթափեն, մինչ լաւագոյն եռեակը ամբողջացուց վարորդներու ընդհանուր դասաւորման պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող անգլիացի Լուիս Հեմիլթըն:
Եթէ պատահէր, որ Հեմիլթըն ինք ըլլար առաջին հանդիսացողը, ախոյեանութեան աւարտէն 4 հանգրուան առաջ պիտի ապահովէր տիտղոսը: Ան այժմ պիտի սպասէ յառաջիկայ շաբթուան, երբ տեղի պիտի ունենայ Մեքսիքայի կրան փրին:
Նշենք, որ Հեմիլթըն այժմ իր տրամադրութեան տակ ունի 346 կէտ, Սեպասթիան Վեթել (Գերմանիա, Ֆեռարի)` 276 կէտ, մինչ Ռայքոնըն` 221:
Խումբերուն ընդհանուր դասաւորման մէջ յաջորդաբար առաջին երեք դիրքերը կը գրաւեն Մերսետես (563), Ֆեռարի (497) եւ Ռետ Պուլ (337):



