Փերուի ֆութպոլի ախոյեանութեան 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ Սփորթ Հուանքայօ 3-3 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց Այաքուչոյի հետ:
Մինչ Հաուանքայօ ուշացած էր 3-2 արդիւնքով, ուրուկուէահայ յառաջապահ Խոաքին Պօղոսեան յաջողեցաւ նշանակել իր կազմին հաւասարութեան կոլը (82-րդ):
Նշենք, որ 31 տարեկան ֆութպոլիստը դաշտ ներկայացաւ 66-րդ վայրկեանին:



