Չելսի-Մանչեսթըր Եունայթըտ` 2-2
Անգլիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան «Փրեմիեր լիկ»-ի 9-րդ հանգրուանին մրցումներուն ծիրին մէջ Մանչեսթըր Սիթի եւ Լիվըրփուլ յաղթանակներ արձանագրեցին: Այժմ անոնք ունին 23-ական կէտ:
Սիթի իր դաշտին վրայ 5-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Պըրնլիին:

Սիթիի յառաջապահ արժանթինցի Սերճիօ Ակուերօ, որ նշանակեց իր կազմին առաջին կոլը, «Փրեմիեր լիկ»-ի մրցումներուն իր նշանակած կոլերու քանակով բարելաւեց իր մրցանիշը` մէկ ակումբի հետ նշանակելով 149 կոլ:
30 տարեկան Ակուերօ, որ շրջանցեց Ֆրանք Լամփարին եւ Էլըն Շիրըրին, այժմ կը զիջի միայն Ուէյն Ռունիին եւ Թիերի Հանրիին:
Մոհամէտ Սալահի նշանակած կոլին շնորհիւ (24-րդ վայրկեանին), Լիվըրփուլ 1-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Հատըրֆիլտի դաշտէն:
Ինչ կը վերաբերի Չելսի-Մանչեսթըր Եունայթըտ ճակատումին, անիկա աւարտեցաւ 2-2 արդիւնքով, երբ լոնտոնեան կազմը իր հաւասարութեան կոլը նշանակեց… 96-րդ վայրկեանին: Եունայթըտի երկու կոլերը նշանակեց Անթոնի Մարթիալ (55-րդ եւ 73-րդ):
Նշենք, որ այս հանգրուանը կ՛աւարտի այսօր, երբ ժամը 22:00-ին, (Պէյրութի ժամանակացոյցով), Արսենալ կը հիւրընկալէ Լայսթըր Սիթիին:


