Լիբանանի ֆութսալի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2018-2019 տարեշրջանին ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կազմը վաղը` կիրակի, 21 հոկտեմբերին կը կատարէ իր առաջին մրցումը` իր դէմ ունենալով Աֆաք խումբը:
Մրցումը, որ տեղի պիտի ունենայ Սատաքայի դաշտին վրայ, պիտի սկսի երեկոյեան ժամը 19:00-ին:
ՀՄԸՄ-ի կազմէն կ՛ակնկալուի նոր տարերջանին սկսիլ յաղթանակով, իսկ համակիրներէն` ուղղուիլ դաշտ եւ քաջալերել իրենց կազմը: