
Գերմանիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան` Պունտըսլիկայի 8-րդ հանգրուանին ծիրին մէջ, պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Պորուսիա Տորթմունտ շարունակեց մնալ ցարդ անպարտելի միակ խումբը, երբ 4-0 արդիւնքով յաղթեց Շթութկարթին` վերջինին դաշտին վրայ: Անիկա այժմ ունի 20 կէտ:
Ախոյեան Պայէրն Միւնիխ ընդհատեց առանց յաղթանակներու իր շարքը, երբ 3-1 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Վոլֆսպուրկի դաշտէն: Խումբը վերջին չորս մրցումներուն յաղթանակ չէր արձանագրած:
Ռոպերթ Լեվանտովսքի (30-րդ եւ 48-րդ) եւ Խեմես Ռոտրիկեզ (72-րդ) նշանակեցին Պայէրնի կոլերը, մինչ անոնց խմբակիցը` Արժեն Ռոպեն, 57-րդ վայրկեանին կարմիր քարտ մը ստացաւ:
Այժմ Պայէրն 4 կէտով ետ կը մնայ Տորթմունտէն:
Ուշագրաւ արդիւնք մը արձանագրուեցաւ, երբ այս հանգրուանին Այնթրախթ Ֆրանքֆորթ 7-1 արդիւնքով յաղթեց Տիւսելտոլֆին:
Ֆրանքֆորթի հինգ կոլերը նշանակած սերպ յառաջապահ Լուքա Եովիչ դարձաւ Պունտըսլիկայի ամէնէն երիտասարդ ֆութպոլիստը (20 տարեկան, 300 օր), որ Փենթա-Թրիքի (5 կոլ) հեղինակ կը դառնայ:


