Հունգարիոյ մայրաքաղաք Պուտափեշթի մէջ, շաբաթ, 20 հոկտեմբերին սկսած աշխարհի ըմբշամարտի ախոյեանութեան առաջին օրը Հայաստանի միակ ներկայացուցիչը անյաջող սկսաւ ընթացքը:
Վարդան Մարգարեան ազատ ոճի ըմբշամարտի 74 քկ դասակարգին մէջ պայքարը սկսաւ 1-16-րդ հանգրուանէն, ուր 10-4 արդիւնքով պարտուելով, լքեց պայքարը:
Եթէ անոր մրցակիցը` Ազամաթ Նուրիքով (Պիելոռուսիա) հասնէր աւարտականին, Մարգարեան առիթ կ՛ունենար պրոնզէ մետալին համար պայքարելու, բայց Նուրիքով, քառորդ աւարտականին պարտուեցաւ



