Երէկ գիշեր, «Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին խմբակներու դրութեամբ տեղի ունեցող Գ. հանգրուանին ծիրին մէջ, Ե. խմբակին մաս կազմող Արսենալ, որ Սփորթինկ Լիզպոնի հիւրը եղաւ, 1-0 արդիւնքով կարեւոր յաղթանակով մը հեռացաւ Փորթուգալէն` արձանագրելով իր երրորդ յաջորդական յաղթանակը, շնորհիւ` Տենի Ուելպեքի նշանակած կոլին (78-րդ):

Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականին միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, որ մասնակցեցաւ ամբողջ մրցումին, իր կազմին հետ երեք կէտով պիտի վերադառնայ Անգլիա: Ան 51-րդ վայրկեանին դեղին քարտ մը ստացաւ:


