Աղեքսանդրիոյ մէջ շարունակուող Արաբական ակումբներու աղջկանց պասքեթպոլի 20-րդ ախոյեանութեան ծիրին մէջ, այսօր` ուրբաթ, 26 հոկտեմբերին, Բ. խմբակին մաս կազմող, տիտղոսակիր ՀՄԸՄ Անթիլիասի կազմը կը կատարէ իր երկրորդ մրցումը, ժամը 15:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով), յորդանանեան Ֆահիս խումբին դէմ:
Նախապէս հաղորդեցինք, որ նախանցեալ օր ՀՄԸՄ շռնդալից յաղթանակով մը սկսաւ մրցաշարքը, երբ բաւական ծանր պարտութեան (102-34) մատնեց Նասըրը (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ):
ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի այսօր եւս արձանագրել յաղթանակ մը եւ բարձր պահել միութեան անունն ու համակիրներուն խանդավառութիւնը:



