«Եւրոպայի լիկա»-ի ֆութպոլի մրցաշարքին ծիրին մէջ, որ տեղի կ՛ունենայ խմբակներու դրութեամբ, Արսենալ այսօր հիւրը կ՛ըլլայ Սփորթինկ Լիզպոնի:
Ե. խմբակին մէջ կատարուելիք այս մրցումին ազդանշանը պիտի տրուի ժամը 19:55-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ցարդ իր կատարած երկու մրցումներէն առաւելագոյն 6 կէտը ապահոված Արսենալ կը գրաւէ պարագլուխի դիրքը` իր ունեցած կոլ-էվըրէյճին շնորհիւ գերազանցելով նոյնինքն Սփորթինկին:
Լոնտոնեան խումբին ֆութպոլիստները, որոնց կարգին, Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Հենրիխ Մխիթարեան, մեկնեցաւ Փորթուգալ` բաւական բարձր տրամադրութեամբ:



