Լեհաստանի մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ծանրաբարձութեան երիտասարդական ախոյեանութեան Հայաստանի երկու ներկայացուցիչները 23 տարեկանէն վար մրցումներուն հանդիսացան Եւրոպայի ախոյեան:

94 քկ դասակարգին մէջ Յակոբ Մկրտչեան հանդիսացաւ առաջին` արձանագրելով 368 քկ (160 + 208) արդիւնք մը:
Իր կարգին, ոսկի մետալի տիրացաւ Անդրանիկ Կարապետեան (85 քկ)` արձանագրելով 369 քկ (176+193) արդիւնք մը:

Իսկ 20 տարեկանէն վար դասակարգին մէջ, Հայաստանի համար արծաթ մետալ մը ապահովեց Սամուէլ Բաբակեան (361 քկ. 165+196):


