Մասնակցութեամբ արաբական եւ միջազգային 24 խումբերու, շուրջ 300 երկսեռ մարզիկներու, Տուպայի մէջ (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) տեղի ունեցաւ լողարշաւի միջազգային մրցաշարք մը, կազմակերպութեամբ Հեմիլթըն ակումբին:
Լիբանանեան Ժեզիրէ Ռիատի ակումբը, որ մասնակցեցաւ այս մրցաշարքին, Պէյրութ վերադարձաւ, 14 մետալներով (2 ոսկի, 6 արծաթ եւ 6 պրոնզ):
Նշենք, որ լիբանանեան պատուիրակութեան նախագահն էր Նեսիպ Սաապ:



