Կազմակերպութեամբ Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին եւ գործակցութեամբ Ասիոյ պասքեթպոլի ֆետերասիոնին, երէկ` հինգշաբթի, 25 հոկտեմբերին, Նուհատ Նաուֆալ մարզահամալիրին մէջ սկսան մարզիչներու Ա. կարգի յատուկ դասընթացքները, մասնակցութեամբ 17 մարզիչներու: 6 օրուան վրայ երկարող այս դասընթացքները կը ներկայացնէ սերպ դասախօս Միլան Քոթարիչ:
Առաջին օրը ներկայ էր նաեւ, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնին ընդհանուր քարտուղար Թոնի Խալիլ:



