Աթլեթիզմ. Հայաստանի Հաւաքականը Այսօր Կը Մեկնի Պոլիս
Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ այսօր` ուրբաթ, 8 փետրուարին, Հայաստանի հաւաքականը կը մեկնի Պոլիս, ուր կը կատարէ 12 օրուան ուսումնամարզական հաւաք մը: Հաւաքականին մաս կը կազմեն տասը երկսեռ մարզիկներ: Այս հաւաքին կը յաջորդէ (17 փետրուարէն ետք) պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ձմեռնային ախոյեանութիւնը: Հաւաքէն ետք հայրենի մարզիկները հոն կը մնան մինչեւ 22 փետրուար, ապա կը վերադառնան Երեւան:






