Իր հրապարակած մէկ լուրին մէջ, «Էֆ.1-Մետիա» հաղորդեց, որ «Ֆորմիւլա-1»-ի ղեկավարութիւնը եւ Ազրպէյճանի կրան փրիի ներկայացուցիչները կնքած են 3 տարուան նոր պայմանագրութիւն մը, որուն համաձայն, Պաքու կը շարունակէ մինչեւ 2023 թուականը հիւրընկալել «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութեան հանգրուաններէն մէկը:
Պաքու առաջին անգամ «Ֆորմիւլա-1-»-ի աշխարհ մուտք գործեց 2016-ին:
Այս պայմանագիրի կնքումին մասնակցեցան Ազրպէյճանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարարը եւ «Ֆորմիւլա-1»-ի թեքնիք տնօրէն Չէյզ Քերին:
2019-ի «Ֆորմիւլա-1»-ի աշխարհի ախոյեանութիւնը կ՛ընդգրկէ 21 հանգրուան:
Ազրպէյճանի կրան փրին տեղի պիտի ունենայ 28 ապրիլին: