Պարսելոնայի նախագահ Եոսիփ Մարիա Փարթոմէու, անդրադառնալով ֆրանսական Փարիզ Սեն Ժերմենի պրազիլցի յառաջապահ Նէյմարի հաւանական վերադարձին մասին շրջանառութեան մէջ դրուած լուրերուն, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը.
«Երբեք չեմ խօսած անոր վերադարձին մասին, ո՛չ ֆութպոլիստին եւ ո՛չ ալ անոր հօրը հետ: Չեմ կարծեր, որ փարիզեան ակումբը մտադիր է բաժնուիլ այդպիսի ֆութպոլիստէ մը: Պարսելոնան արդէն իսկ կը պատրաստուի յառաջիկայ տարեշրջանին: Մեր ծրագիրներուն մէջ կամ հաւանական մարզիկներու ձեռքբերման մէջ Նէյմարի անունը չկայ»: