Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը յայտնեց, որ այսօր` ուրբաթ, 8 փետրուարին, Հայաստանի հաւաքականը կը մեկնի Պոլիս, ուր կը կատարէ 12 օրուան ուսումնամարզական հաւաք մը:
Հաւաքականին մաս կը կազմեն տասը երկսեռ մարզիկներ:
Այս հաւաքին կը յաջորդէ (17 փետրուարէն ետք) պալքանեան երկիրներու աթլեթիզմի ձմեռնային ախոյեանութիւնը:
Հաւաքէն ետք հայրենի մարզիկները հոն կը մնան մինչեւ 22 փետրուար, ապա կը վերադառնան Երեւան:



