Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու մէջ տեղի ունեցող Տուպայի պասքեթպոլի միջազգային մրցաշարքի ծիրին մէջ խմբակներու դրութեամբ կատարուող մրցումները երէկ հասան իրենց աւարտին, երբ Ա. խմբակին մէջ տեղի ունեցաւ վերջին մրցումը` Լիբանանի ախոյեան ՀՄԸՄ-ի եւ սուրիական Ուահտէի միջեւ:
Այս մրցումը աւարտեցաւ ՀՄԸՄ-ի յաղթանակով: Ան 102-88 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սուրիոյ ներկայացուցիչը:
Հակառակ անոր որ ՀՄԸՄ-էն Ուոլթըր Հոճ նախորդ մրցումին տիսքոալիֆայտ եղած էր, բայց եւ այնպէս այս մրցումին իր մասնակցութիւնը բերաւ եւ սովորականին նման ունեցաւ տպաւորիչ ելոյթ:
Տեղի ունեցաւ նաեւ Ռիատի – Պէյրութ զուտ լիբանանեան մրցումը:
Պէյրութ, որ Լիբանանի պասքեթպոլի ախոյեանութեան գծով այս տարեշրջանին երկու յաղթանակ արձանագրած էր Ռիատիի դէմ, յաջողեցաւ երրորդն ալ արձանագրել, սակայն այս անգամ` Տուպայի մէջ, 93-81 արդիւնքով:
Այսպիսով, Պէյրութ, որ իր կատարած չորս մրցումներուն ալ յաղթանակ արձանագրեց, գրաւեց Բ. խմբակին պարագլուխի դիրքը` իր ետին ձգելով Ռիատին:
Նշենք, որ քառորդ աւարտականի մրցումներուն, այսօր ժամը 13:00-ին, ՀՄԸՄ կը մրցի մարոքեան Ժամհիեթ Սալայի դէմ:




