Ֆրանսական Նանթ ֆութպոլի ակումբը Կալեսեան Քարտիֆ Սիթիէն կը պահանջէ 17 միլիոն եւրօ` անյայտ կորսուած յառաջապահ Էմիլիանա Սալայի փոխանցման համար կը յայտնէ «Պի. Պի. Սի.»:
Սալային Ֆրանսայէն Կալես տեղափոխած թեթեւ ուղղաթիռը նախորդ 21 յունուարին կործանած էր Լա Մանշի ջուրերուն վրայ: Ֆութպոլիստին դիակը ցարդ չէ յայտնաբերուած եւ ոչ ալ կարելի եղած է ծովուն յատակէն բարձրացնել կործանուած ուղղաթիռը:
Քարտիֆի ներկայացուցիչները յայտարարած էին, որ ֆրանսական ակումբին պիտի չվճարեն գումարը, մինչեւ չստանան 28 տարեկան ֆութպոլիստին անհետացման մասին հետաքննութեան ամբողջական տուեալները:
Ան Նանթէն Քարտիֆ տեղափոխուած էր փոխան 20,5 միլիոն եւրոյի:



