Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը կը հաղորդէ, որ Մինսքի մէջ 21-30 յունիսին տեղի ունենալիք 2019-ի եւրոպական մարզական 2-րդ խաղերուն Հայաստան արդէն իսկ ապահոված է 11 տոմս:
Պիելոռուսիոյ մայրաքաղաքին մէջ հանդէս պիտի գան 6 հայ սամպիստներ (5 տղաք եւ մէկ աղջիկ), մէկական` հեծելանւորդ, կռփամարտիկ եւ հրացանաձիգ, ինչպէս նաեւ` երկու թիավարներ:
Վարկանշային մրցաշարքերուն ուղեգիծներու ժամկէտը կ՛աւարտի 14 ապրիլ 2019-ին:
Կ՛ակնկալուի, որ Հայաստան յաւելեալ տոմսեր ապահովէ նաեւ ըմբշամարտի, մարմնամարզութեան, ժիւտոյի, պետմինթընի, հրացանաձգութեան եւ հեծելարշաւի մարզաձեւերուն մէջ:



