Կազմակերպութեամբ Պէյրութի միջազգային մարաթոնի միութեան, 31 մարտին տեղի կ՛ունենայ «Սարատար» դրամատան 2019-ի աղջկանց մարաթոնի մրցումը` Պէյրութի նաւահանգիստի շրջանին մէջ:
Կազմակերպիչ միութիւնը երեքշաբթի, 12 փետրուարին, երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Պէյրութի նաւահանգիստին մէջ պիտի տայ մամլոյ ասուլիս մը, այս մարաթոնին կայացման գծով լուսաբանութիւններ տալու համար:
Այս առիթով խօսք պիտի առնեն շարք մը անձնաւորութիւններ, որոնց կարգին` Պէյրութի մարաթոնի միութեան նախագահ Մէյ Խալիլ:
 
			


