«Քիքպոքսինկ-Քէյ-1»-ի փորձառու եւ անուանի մարտիկ Ճիորճիօ (Գէորգ) Պետրոսեան, իտալական Մոնզա քաղաքին մէջ իր կատարած մենամարտին, նաք-աութով յաղթեց ճափոնցի Աթսուշի Թամեֆուսուին: Այս մենամարտը աւարտեցաւ առաջին ռաունտին:
Իտալիոյ մէջ բնակող հայ մարտիկը առաջին անգամ ըլլալով կը պաշտպանէ կիսամիջին քաշային կարգի` «Այ. Էս. Քէյ. Էյ.- Սուփըր Ուելթըր-Ուէյթ»-ի աշխարհի ախոյեանութեան գօտին:
Նշենք, որ անոր կը պատկանի նաեւ «Պելաթոր-Քիքպոքսինկ»-ի ախոյեանական գօտին: