Վրաստանի մէջ տեղի ունեցած ձմեռնային վոլիպոլի (ձիւնի վրայ) «Եւրոպա-Թուր» մրցաշարքին իրենց մասնակցութիւնը բերին Հայաստանի, Վրաստանի, Իտալիոյ, Իրանի, Ռուսիոյ, Թուրքիոյ եւ Լեհաստանի տղոց 12 խումբերը:
Հայաստանի խումբը իր կատարած առաջին մրցումին 2-1 արդիւնքով յաղթեց Թուրքիոյ: Սակայն աւելի ուշ պարտուելով Վրաստանէն եւ Ռուսիայէն (2-0), գրաւեց 7-րդ դիրքը, յայտնեց Հայաստանի ազգային ողիմպիական կոմիտէին պաշտօնական կայքը:



