Նախանցեալ օր Մոսկուայի «Քոսմոս» պանդոկին մէջ սկսած ճատրակի «Այրոֆլոթ-օփըն»-ի ճատրակի միջազգային մրցաշարքի Ա. հանգրուանը մնաց անաւարտ` կեղծ ահազանգի պատճառով:
Անոր մասնակցողներէն ոմանք նոյնիսկ առիթ չունեցան պանդոկէն դուրս գալու ընթացքին իրենց հետ առնելու իրենց վերարկուները:
Ոստիկանները պանդոկ ժամանելէ ետք յայտարարեցին, թէ այդ ահազանգը կեղծ էր:
Անոր Հայաստանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Հայկ Մարտիրոսեան, Տիգրան Լ. Պետրոսեան, Մանուէլ Պետրոսեան, Արամ Յակոբեան եւ Շանթ Սարգսեան:
Բ. մրցաշարքին Հայաստանէն կը մասնակցին կրանտմասթըրներ Ռաֆայէլ Վահանեան, Էլինա Դանիէլեան, Տիգրան Յարութիւնեան, Յովիկ Հայրապետեան, Վահէ Պաղտասարեան եւ Արթուր Դաւթեան:
Իսկ Գ. մրցաշարքին կը մասնակցին Արթուր Ղարագէօզեան, Աշոտ Աւետիսեան, Յարութիւն Աբգարեան եւ Գագիկ Աւետիսեան:



