«Չեմփիընզ լիկ»-ի ֆութպոլի մրցաշարքի 1-16-րդ հանգրուանի երթի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ գիշեր կատարուեցան երկու ճակատումներ:
Այսօր եւս տեղի կ՛ունենան երկու հանդիպումներ:
Աթլեթիքօ Մատրիտ կը հիւրընկալէ Եուվենթուսը, մինչ Շալքէ` Մանչեսթըր Սիթին:
Այս երկու մրցումներն ալ պիտի սկսին ժամը 22:00-ին` Պէյրութի ժամանակացոյցով:
Ինչ կը վերաբերի երէկուան մրցումներուն, Լիվըրփուլ – Պայէրն Միւնիխ եւ Լիոն – Պարսելոնա առաջին կիսախաղերը վերջ գտան 0-0 հաւասարութեամբ:
Բ. կիսախաղին, վերոնշեալ չորս խումբերն ալ փորձեցին եւ իրենց ամէն կարելին ըրին կոլ նշանակելու համար, որպէսզի դարձի մրցումին համեմատաբար աւելի հանգիստ մրցում կատարեն:
Սակայն անոնցմէ որեւէ մէկը չյաջողեցաւ կոլ նշանակել, եւ երկու մրցումներն ալ աւարտեցան 0-0 արդիւնքով:
 
			


