22, 23 եւ 24 փետրուարին, Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը Լուէյզի Զուք Մոսպեհ վարժարանին մէջ կը կազմակերպէ մարզիչներու միջազգային դասընթացք` գործակցաբար իտալացի միջազգային մասնագէտ Ճիորճիօ Կոնտոլֆի:
Ֆետերասիոնը բաւական կարեւոր նկատեց այս դասընթացքը` նկատի ունենալով, որ անոր մասնակցողները իրենց գիտելիքները պիտի ընդլայնեն (միջազգային առումով):


