Երէկ` երեքշաբթի, 19 փետրուարին, Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին մէկ պատուիրակութիւնը այցելեց Լիբանանի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան նախարար Մոհամետ Ֆընէյշի:
Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահ Ժան Համմամին կ՛ընկերակցէր Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի ընդհանուր քարտուղար, հանգստեան կոչուած զօրավար Հասսան Ռըսթոմ:
Անոնք ողիմպիական կոմիտէին անունով շնորհաւորեցին նախարարը իր պաշտօնին վերստանձնումին առիթով` անոր մաղթելով նորանոր յաջողութիւններ նախարարութեան աշխատանքներուն մէջ:
Հանդիպումին աւարտին անոնք նախարարին ներկայացուցին կոմիտէին կատարելիք աշխատանքներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ` յոյս յայտնելով որ ան միշտ զօրավիգ կը կանգնի Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէին գործունէութիւններուն: