Կազմակերպութեամբ Ժամհուր վարժարանին, հսկողութեամբ Լիբանանի լողարշաւի ֆետերասիոնին, հովանաւորութեամբ «Ֆրանսապանք» դրամատան, Ժամհուր վարժարանի մարզահամալիրին մէջ տեղի ունեցան լողարշաւի մրցումներ: Անոր իրենց մասնակցութիւնը բերին Լիբանանի տարբեր շրջաններու վարժարաններէն 100 երկսեռ լողորդներ:
Այս մրցաշարքին ընթացքին պայքարը բաւական սուր ընթացաւ, եւ իւրաքանչիւր աշակերտ փորձեց իր վարժարանին համար մետալ ապահովել:
Աւարտին տեղի ունեցաւ մրցանակաբաշխութիւնը` Ժամհուրի պատասխանատուներուն կողմէ:



