Նախքան Արժանթինի ֆութպոլի Սուփըրլիկայի բաժակի մրցաշարքին գծով տեղի ունեցած Սան Լորենզօ – Հուրաքան մրցումին ազդանշանին տրուիլը, Սան Լորենզօ յիշեց Հայոց ցեղասպանութեան 104-րդ տարելիցը: Անոր մարզիկները հսկայ պաստառի մը վրայ գրած էին. «24 ապրիլ 1915. Եկէ՛ք յիշենք Հայոց ցեղասպանութիւնը»:
Այս յիշատակումը տեղի ունեցաւ «Փետրօ Պիտեկեն» մարզադաշտին վրայ` նախաձեռնութեամբ ակումբի նախագահ Մաթիաս Լամենսի:
«Իսկապէս հիանալի էր կատարուածը, նախքան այս մրցումի ազդանշանին տրուիլը», յայտարարեց Արժանթինի մէջ գտնուող հայկական կառոյցներու («Ի. Էյ. Ար. Էյ.») ներկայացուցիչ Հորասիօ Թերզեան: