Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցող Եւրոպայի ճատրակի աղջկանց անհատական ախոյեանութեան 6-րդ հանգրուանին, Հայաստանի հաւաքականի թիւ 1 դասուած Էլինա Դանիէլեան ճերմակ քարերով հաւասարութիւն մը արձանագրեց ուքրանացի Աննա Ուշենինայի հետ:
Լիլիթ Մկրտչեան եւ Մարիա Գէորգեան յաղթեցին, մինչ Աննա Սարգսեան եւ Սիրանուշ Ղուկասեան` պարտուեցան:
7-րդ հանգրուանի նախօրեակին, այժմ Դանիէլեան, որ ունի 4,5 կէտ, կէս կէտով միայն ետ կը մնայ առաջին դիրքին վրայ գտնուող ռուս Ալինա Քաշլինսքայայէն:
Մկրտչեան ունի 4 կէտ, մինչ Սարգսեան, Ղուկասեան եւ Գէորգեան` երեքական կէտ:
Երէկ հանգիստի օր էր: Այսօր տեղի կ՛ունենան 7-րդ հանգրուանի հանդիպումները: