«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան փլէյ-օֆի մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան երեք ճակատումներ:
Թորոնթօ Ռեփթըրզ, որ հիւրընկալեց Օրլանտօ Մեճիքը, 111-82 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով յաջողեցաւ արդիւնքը հաւասարեցնել 1-1-ի: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Քաուհի Լէոնարտ նշանակեց 37 կէտ:
Իր կարգին, Տենվըր Նակեթց արդիւնքը հաւասարեցուց 1-1-ի, երբ 114-105 արդիւնքով պարտութեան մատնեց իր հիւրը` Սան Անթոնիօ Սփըրզը: Վերջինէն Տեմար Տերոզան նշանակեց 31 կէտ:
Ինչ կը վերաբերի երրորդ մրցումին, Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ 2-0 արդիւնքով գերազանցեց Օքլահոմա Սիթին` արձանագրելով 114-94 արդիւնքով յաղթանակ մը: Յաղթական կազմէն Սի. Ճէ. Մաքքոլում նշանակեց 33 կէտ, իսկ Օքլահոմայէն Փոլ Ճորճ` 27: