Ռիատի – Շանվիլ` 2-0
Լիբանանի պասքեթպոլի տղոց Ա. դասակարգի ախոյեանութեան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն ծիրին մէջ (կիսաւարտական), երէկ գիշեր Մանարայի Սաէպ Սալամ դաշտին վրայ երկրորդ անգամ ըլլալով իրարու դէմ յանդիման եկան Ռիատի եւ Շանվիլ:
Բաւական հետաքրքրական եւ տաք այս ճակատումը մինչեւ վերջին երկվայրկեանները չպարզեց յաղթական կազմին անունը:
Մրցումին աւարտէն շուրջ 15 վայրկեան առաջ, մինչ երկու կազմերը նշանակած էին 65-ական կէտ, Ուաէլ Արաքժի իր նշանակած երեք կէտնոց կողովով յաղթանակը նուիրեց իր կազմին` 68-65 արդիւնքով:
Այսպիսով, Ռիատի 2-0 արդիւնքով գերազանցեց Շանվիլին եւ երրորդ յաղթանակը արձանագրելու պարագային կ՛ապահովէ աւարտականի իր տոմսը:
Ինչ կը վերաբերի կիսաւարտականի երկրորդ ճակատումին, այսօր Լիբանանի գործող ախոյեան ՀՄԸՄ իր ամէն կարելին պիտի ընէ` արձանագրելու իր երկրորդ յաղթանակը, երբ «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալէ Պէյրութը:
Առ ի քաջալերանք խումբին, Հերի Նաճարեան եւ Ատոմ Թնճուկեան իրենց կատարած նիւթական նուիրատուութեամբ յոյս յայտնեցին, որ ՀՄԸՄ-ի տղոց խումբը, տիտղոսը պահելով իր մօտ, դարձեալ կը հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:
ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն տրամադրուած են փոխադրակառքեր, որոնք երեկոյեան ժամը 18:00-ին, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակէն, ինչպէս նաեւ ՀՅԴ-ի Ֆանարի եւ Ռաուտայի ակումբներէն պիտի մեկնին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիր: