Յորդանանի մայրաքաղաք Ամմանի մէջ տեղի ունեցող Արեւմտեան Ասիոյ («ՈՒԱՊԱ») աղջկանց պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ` երեքշաբթի, 16 ապրիլին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի խումբը արձանագրեց իր երկրորդ յաղթանակը` 82-54 արդիւնքով պարտութեան մատնելով Թաուրան (Սուրիա):
Այսօր, ժամը 16:30-ին, ՀՄԸՄ Անթիլիասի մրցակիցը պիտի ըլլայ Օրթոտոքսը, իսկ վաղը ՀՄԸՄ-ի կազմը կը մրցի Ֆուհէյսի դէմ: